ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ «Շահագրգիռ կողմերը՝ յանուն աշխարհի համախմբման եւ կայունութեան» խորագիրով Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի բացումին:
Իր գործունէութեան 50 տարիներուն, Տաւոսի տարեկան հանդիպումը դարձած է աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ բարձր մակարդակի հաւաքներէն մէկը, որ ամէն տարի կը համախմբէ պետութիւններու, կառավարութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, գործարար հանրութեան ներկայացուցիչներ ու հեղինակաւոր փորձագէտներ՝ քննարկելու համաշխարհային, տարածաշրջանային եւ արդիւնաբերական օրակարգեր, լուծումներ առաջարկելու հարցերու եւ մարտահրաւէրներու: Ֆորումին այս տարի ներկայ պիտի ըլլան աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած շուրջ 700 բանախօսներ եւ առաւել քան 3000 մասնակցողներ: Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի 2020ի հանդիպումը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի հիմնադիր եւ նախագահ փրոֆ. Քլաուս Շուապ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան իբրեւ բանախօս մասնակցեցաւ նաեւ «Հաւասարակշռելով ներքին եւ համաշխարհային անհաւասարութիւնը» թեմայով քննարկման, նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Տաւոսի համաժողովի ծիրին մէջ գումարուող 26րդ տարեկան Crystal Award մրցանակաբաշխութեան: Տաւոսի ֆորումի 50րդ տարեկան հանդիպման բացման առիթով կազմակերպուած համերգին միասնութեան եւ ուրախութեան միջազգային կոչով հանդէս եկաւ Եւրոպական Միութեան պատանեկան նուագախումբը՝ Սան Փաուլոյի սիմֆոնիք նուագախումբին, երգչախումբին եւ մենակատարներուն մասնակցութեամբ: