ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- 20 Յունուարին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ կազմակերպուեցաւ քննարկում՝ նուիրուած Պաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերու 30րդ տարելիցին:
Քննարկումին մասնակցեցան Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան, պատգամաւորներ, Գաղթականներու միութեան անդամներ, Պաքուի ջարդերու ականատեսներ, լրագրողներ եւ երիտասարդներ:
Հիմնական բանախօսը ամերիկահայ գրող, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթն էր: Ըստ Քաղաքագէտ Ալեքսանտր Մանասեանի՝ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցածը Թուրքիոյ իրագործած Հայերու Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: