ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովը առաջին ընթերցումով ընդունեց «Հանրաքուէի մասին» Հայաստանի սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու օրէնքի նախագիծը, որուն հեղինակներն էին «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Համազասպ Դանիէլեան եւ Հերիքնազ Տիգրանեան:
Ներկայացուած օրինագիծով կ՛առաջարկուի կէսի իջեցնել քաղաքացիական նախաձեռնութեան կարգով, Ազգային ժողովին օրէնքի նախագիծ առաջարկելու կամ հանրաքուէի միջոցով ընդունուած օրէնքի մը մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը հանրաքուէի դնելու համար կազմուելիք նախաձեռնող խումբի անդամներուն նուազագոյն թիւը՝ 50 հազարէն իջեցնելով մինչեւ 25 հազարի:
21 Յունուարի նիստին օրէնքի նախագիծը ընդունուեցաւ 119 թեր, 1 դէմ եւ 1 ձեռնպահ քուէներով: