ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աուն 20 Յունուարի յետմիջօրէին, Պաապտայի պալատին մէջ հրաւիրեց ապահովական ժողովի մը, որուն մասնակցեցան պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարներու պաշտօնակատարները ու բանակի եւ ապահովութեան ուժերու ղեկավարները։
Ժողովին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց այն ջանքերը, որոնք ի գործ դրուեցան զինուորական եւ ապահովական ուժերուն կողմէ՝ Պէյրութի եւ Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ նախորդ շաբաթ արձանագրուած ցոյցերուն եւ խռովութեանց ընթացքին: Ան կոչ ուղղեց խաղաղ ցուցարարներուն եւ խռովութիւն յառաջացնող տարրերուն միջեւ տարբերութիւն դնելու:
Ապա ժողովականները հետեւեցան ապահովական կառոյցներու պետերուն կողմէ պատրաստուած մանրամասն տեղեկագիրներուն՝ Լիբանանի ապահովական ընդհանուր կացութեան եւ այն գործողութիւններուն մասին, որոնք որդեգրուեցան՝ դէմ դնելու համար ցուցարարներուն մէջ յայտնուող եւ խափանարարութիւններ ընողներուն:
Քննարկումներէն ետք որոշուեցաւ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել խաղաղ ցուցարարները, արգիլել սեփական եւ պետական կառոյցներու քանդումը եւ անոնց վրայ յարձակումները, դատական կառոյցներուն հետ գործակցաբար անհրաժեշտ քայլերը տնօրինել այն խմբակներուն դէմ, որոնք խափանարարութիւններու եւ խռովութիւններու կը դիմեն: Որոշուեցաւ նաեւ աւելի սերտ համագործակցութիւն ստեղծել ապահովական եւ զինուորական կառոյցներուն միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ գետնի վրայ լաւագոյնս գործադրել այն որոշումները, որոնք տրուեցան ժողովին ընթացքին:
Նշենք, որ բախումները անցեալ շաբաթավերջին հասած էին իրենց գագաթնակէտին, պատճառելով առաւել քան 300 վիրաւորներ, ներառեալ՝ քաղաքայիններ եւ ապահովական ուժերու անդամներ։