ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Կիպրոս դարձեալ քննադատեց իր տնտեսական գօտիին մէջ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ուժանիւթի ապօրինի պեղումներու նախապատրաստութիւնները:
Կիպրոսի նախագահականին կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Արեւելեան Միջերկրականին մէջ Թուրքիա կը վերածուի ծովահէն պետութեան մը: Անտեսելով արեւելեան Միջերկրական ծովու երկիրներուն միջեւ ուժանիւթային ոլորտի համաձայնութիւնները՝ Թուրքիա ինքնագլուխ քայլեր առնելով՝ կը մնայ միջազգային անօրինականութիւներու ուղիին վրայ»:
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը երեք քառորդով պիտի կրճատէ Թուրքիոյ բարեփոխումներուն համար նախատեսուած օգնութիւնը։ 2020ին Անգարա բարեփոխումներու ծրագիրով պիտի ստանայ միայն 168 միլիոն եուրօ, որմէ 150ը՝ ժողովրդավարութեան եւ իրաւական ոլորտներուն մէջ բարեփոխումներու, իսկ 18 միլիոնը՝ գիւղերու զարգացման պիտի տրամադրուի։
Ան կրճատումներուն պատճառը Միջերկրական ծովուն մէջ բնական կազի փնտռտուքին շուրջ ստեղծուած տագնապն է, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ կատարած գործողութիւնները։
Պորել յայտարարեց, որ 2017էն ի վեր 1.2 միլիառ եուրօ կրճատուած է Անգարայի խոստացուած նպաստներէն։
Չեն կրճատուած միայն այն վճարումները, որոնք կը տրամադրուին Միջին Արեւելքէն գաղթականները Թուրքիոյ մէջ պահելու գործին։