ՄԵԼՊՈՒՌՆ.- Արհեստավարժ թենիսի ռուսահայ մարզիկ Կարէն Խաչանով 22 Յունուարի գիշերը սկսած եւ 23 Յունուարի կանուխ ժամերուն աւարտած մրցումէ մը ետք, յաղթանակ մը եւս արձանագրեց «Կրենտ Սլեմ» մակարդակի Աւստրալիոյ թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին ընթացքին, 6-2, 2-6, 6-4, 3-6, 7-6 (10-8) արդիւնքով պարտութեան մատնելով շուէտացի Միքայէլ Եմերը: Անոնց միջեւ այս սուր ճակատումը տեւեց 4 ժամ եւ 34 վայրկեան:
Մրցաշարքին մէջ 16րդ դասուած Խաչանով երրորդ հանգրուանին պիտի ճակատի 23րդ դասուած եւ կիպրական արմատներ ունեցող աւստրալիացի Նիք Քիրկիոսի դէմ։