ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ որոշած է 3 Մարտին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն նեցուկ կանգնիլ քաղաքապետ Թերի Թորնեքի վերընտրութեան պայքարին, նկատի ունենալով անոր պաշտօնավարութեան չորս տարիներու ընթացքին իրագործումները, ինչպէս նաեւ շրջանի հայութեան ցուցաբերած անոր աջակցութիւնը։
«Քաղաքապետ Թորնեք Փասատինայի ապագային նկատմամբ իր տեսլականով հանրային սպասարկութեանց մարզը զգալիօրէն ընդարձակած է, նոյն ժամանակ կրճատելով քաղաքապետարանի ամավարկին բացը, ինչպէս նաեւ ոճիրներու եւ անտունիներու թիւը։ Նաեւ, քաղաքին հայութիւնը սերտ յարաբերութիւններ ունի քաղաքապետին հետ», կը յայտնէ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շողիկ Եբրեմեան։
Թորնեք յոյժ կարեւոր կը նկատէ քաղաքին մէջ ապահովութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ դպրոցներու որակի բարելաւումը եւ աշխատանքի որակաւոր կարելիութեանց ստեղծումը: Քաղաքպետ ընտրուելէ առաջ, ան երկու առիթներով ընտրուած է Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ (7րդ ընտրատարածքէն)։