ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հինգշաբթի, 6 Փետրուարին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի նուիրուած յուշ-երեկոյ մը, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ոգեկոչման յանձնախումբին։
Օրուան բանախօսն է Գէորգ Պետիկեան։ Խօսք պիտի առնեն նաեւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեան, Մայք Եուսուֆեան եւ Սարգիս Մահսէրէճեան։
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի եւ Սահակ Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի աշակերտներ, ինչպէս նաեւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասը։
Ձեռնարկը կը սկսի երեկոյեան ժամը 7ին։ Մուտքը ազատ է։
«Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն ձեռնարկին, յարգելու համար Աստուծոյ, հայ ազգին ու մշակոյթին հաւատաւոր ծառայ՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի անմեռ յիշատակը», նշուած է առաջնորդարանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։