ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Մեծերը չեն մեռնիր… Մեծերը իրենց կարողութիւններն ու կարելիութիւնները կը բաժնեaն եւ կոտորակելով զայն կը բաշխեն, այսպիսով իրենցմէ իւրաքանչիւր մասնիկ կ՛ապրի առյաւէտ…
Տասնամեակ մը առաջ Սփիւռքը կորսնցուց իր լաւագոյն զաւակներէն մէկը…
Տասնամեակ մը առաջ հայրենիքը կորսնցուց իր ազնուագոյն գիտնականներէն մէկը…
Արդարեւ տասը տարիներ առաջ, 30 Յունուար 2010ին, հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր լուսաւոր զաւակներէն ազնուագոյնը, յանձին փրոֆ. հայագէտ, ցեղասպանագէտ դաստիարակ եւ դասախօս Գէորգ Ճորճ Խրլոպեանի, որուն մահը մեծ բաց յառաջացուց ոչ միայն Քալիֆորնիոյ հայ գաղութէն ներս, այլ ի սփիւռս աշխարհի, Հայաստան թէ Սփիւռք:
Կեանքին օրէնքն է սերնդափոխութիւնը, մարդիկ անփոխարինելի չեն, յատկապէս դաստիարակները։ Անոնց առաքելութիւնն է դարբնել սերունդներ, կերտել նկարագիրներ, հայթայթել գիտակից սերունդներ, այո, անոնք կը պատրաստեն նորերը եւ աւելի լաւերը, որոնք կոչուած են զիրենք փոխարինելու… բայց իւրաքանչիւր սերունդ ունի իր իւրայատուկ համն ու հոտը, իր ժամանակի փորձառութեան յատուկ մտածողութիւնը եւ զայն յաջորդ սերունդին փոխանցելու ոճն ու դրութիւնը։ Այսպիսով, զանոնք՝ մեր դաստիարակները, կարելի է համարել անփոխարինելիներ:
Լուսաւոր անփոխարինելիներուն առաջնակարգերն էր փրոֆ. Գէորգ Խրլոպեան. իր պարզութեան մէջ մեծութիւնը կը շեշտուէր, իր ազնիւ պարկեշտութեամբ՝ շուրջինները կը բարձրացնէր, իր իւրայատուկ մտածելաոճով՝ յարգանք կը պարտադրէր:
Իւրայատուկ էր նաեւ իր անձնական կեանքի հոլովոյթով, ինչ որ հարստացուցած էր իր փորձառութիւնը, լեզուամտածողութիւնը եւ ընկերային հասկացողութիւնը:
Փրոֆ. Գէորգ Խրլոպեանի նկարագիրն ու կեանքի սկզբունքները կազմաւորուած էին քրիստոնէական հասկացողութեամբ հիմնաւորուած, հայկական սովորութիւններով յագեցած հայաբոյր ընտանեկան յարկէ մը ներս, ուրկէ ներշնչուած Գէորգ հասակ առաւ, եւ ձեւաւորուեցան իր հոգին ու նկարագիրը, իսկ ընկերային հասկացողութիւնը զարգացաւ՝ աշակերտելով կրօնական ընկերային եւ ազգային այլազան հակումներ ունեցող Հալէպի Ամերիկեան երկրորդական վարժարանին մէջ, ան հմտացաւ հայերէնի կողքին՝ արաբերէնի եւ անգլերէնի մէջ, միաժամանակ՝ աշխոյժ եւ լայնածաւալ մասնակցութիւն բերելով աշակերտական խորհուրդի գործունէութեան մէջ:
1946ին, 18ամեայ ուսումնատենչ Գէորգի բարձրագոյն կրթութեան ձգտումն ու երազները իրականացնելու մարտահրաւէրը զինք ուղղեց դէպի հայրենիք՝ Հայաստան, ուր ան եղաւ իսկական հայոց կռունկը:
Ի բացառութիւն իր նմաններուն, ան որպէս սփիւռքահայ ուսանող, ուսումը աւարտելով չվերադարձաւ արտասահման, Կիլիկիոյ արմատներէն իր հայրենասիրութիւնն ու պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ներծծած երիտասարդ Գէորգ՝ հակառակ այդ ժամանակ Հայաստանի դժուար պայմաններուն, մնաց հո՛ն իր գիտութեան եւ հոգեկան աշխարհին յագուրդ տալու համար եւ չվերադարձաւ մինչեւ իր հասուն տարիքը: Հաստատուեցաւ հայոց աշխարհի խաղաղ երկնակամարին տակ, համալրելով իր գոյութիւնը եւ ամբողջացնելով իր հայրենի երջանկութիւնը մանկավարժ եւ երաժիշտ Անահիտ Սեդրակեանի հետ. անոնք կազմեցին իրենց երջանիկ բոյնը եւ իմաստաւորեցին զայն՝ աշխարհ բերելով երկու դուստրեր եւ չորս թոռներ:
Գէորգ եղաւ միշտ ալ ուսանող, սորվեցաւ եւ սորվեցուց, քաջալերեց եւ ներշնչեց իր ուսանողներն ու շրջապատը, ստացաւ նախ հայոց լեզուի, հոգեբանութեան եւ տրամաբանութեան մագիստրոսը, ապա դոկտորայի տիտղոսը եւ գրաւեց պատուաւոր տեղ հայ գիտնականներու փաղանգին մէջ: Գիտական ձեռքբերումներուն հետ զուգահեռ իր ճկուն, անկեղծ բնաւորութեամբ ան վստահութիւն ներշնչեց շրջապատին եւ պատասխանատու մարմիններուն, ինչ որ իրեն առիթ ընծայեց ըլլալու ոսկէ կամուրջը Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ, որպէս հայոց կռունկ՝ ան տարաւ հայրենի կարօտը՝ հայրենի սիրով տոչորուած սփիւռքահայութեան, յագեցուց ծարաւի հոգիները, ժողովուրդի մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով, բայց միշտ վերադարձաւ հայրենի բոյնը՝ բերելով արտասահմանէն «խապրիկ» հայոց աշխարհին:
Յարգելի փրոֆ. Խրլոպեան, սիրելի ուսուցիչ, դուն որպէս վառ կեռոն՝ եղար լուսաւոր փարոս հայ մշակոյթի խորանին, հայոց պատմութեան մեծագոյն դժբախտութիւնը՝ Ցեղասպանութիւնը գիտականացուցիր, զայն յորջորջելով ցեղասպանագիտութիւն, միաժամանակ մկրտուելով որպէս ցեղասպանագէտ, հայ տիտաններէն մեծագոյնը՝ Գրիգոր Նարեկացին, դարձուցիր մատչելի, ժողովուրդին սեփականութիւնը, եւ տակաւին բազում աշխատանքներ, բանախօսութիւններ, սեմինարներ, որոնք կը շարունակեն առաջնորդել հայ ժողովուրդը ուղիղ ճանապարհներով, մղելով զայն մտածելու հիմնական հարցերու շուրջ:
Որքան ալ մեծարանքներով եւ շքանշաններով քեզ պատուեցին, ինչպէս՝ Մեսրոպ Մաշտոցի, Մխիթար Սեբաստացիի եւ աւելին, բայց սիրտդ բաբախեց միայն ու միայն քո ժողովուրդի գնահատանքներով:
Փառք ու պատիւ բիւր վաստակիդ:
Երախտիք քու լուսաշող յիշատակիդ:
Տասը տարի անցած է արդէն քու մեկնումէդ։
Դուն մեկնեցար, բայց երբեք չհեռացար… ձայնդ տակաւին կը յամենայ հայրենիքի եւ Սփիւռքի երկնակամարին վրայ, շունչդ կը զգացուի հայոց լեզուի իւրաքանչիւր սպասարկուի հոգիին մէջ:
Հանգիստ ննջէ… Մեծերը չեն մեռնիր, մեր մեծ դաստիարակ։
Hishadage Antaram