ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 30 Յունուարին, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին տուած վճիռով՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պատասխանատու նկատուեցան Մանուէլ Սարիբէկեանի մահուան համար: Մասնաւորապէս՝ հաստատուեցաւ, որ տեղի ունեցած է ուխտին 2րդ (կեանքի իրաւունք) եւ 3րդ (խոշտանգումներու արգիլում) յօդուածներու խախտում:
Ըստ դատարանին՝ Մանուէլ Սարիբէկեան մահացած է այլոց կողմէ, մասնաւորաբար Պաքուի ռազմական ոստիկանութեան վարչութեան աշխատակիցներուն կողմէ գործադրուած բռնութեան իբրեւ արդիւնք: Ընդունելի չնկատուեցաւ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն բացատրութիւնը, որ Սարիբէկեան կախուած է:
Տուժողին իրաւայաջորդներուն Ատրպէյճան պիտի վճարէ 60,000 եուրօ եւ 2200 եուրօ՝ դատական ծախսերուն համար:
Նշենք, թէ հայցը ՄԻԵԴին ներկայացուցած էին ծնողները՝ Մամիկոն Սարիբէկեան ու Սիրանոյշ Բալեան:
Յիշեցնենք, որ Թթուջուր գիւղի բնակիչ, 20ամեայ Մանուէլ Սարիբէկեան 11 Սեպտեմբեր 2010ին եղանակային վատ պայմաններու պատճառով մոլորուած եւ յայտնուած էր Ատրպէյճանի մէջ, ապա տեղափոխուած էր Պաքու, ուր 5 Հոկտեմբերին մահացած էր բանտախուցին մէջ: