ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ: Անոնք քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին առաւել եւս զարգացնելու Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն հետագայ համագործակցութիւնը, յատկապէս՝ առեւտրական-տնտեսական կապերը:
Քննարկման առանցքը հանդիսացաւ Հայաստանի մէջ իրականացող ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգը: Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ընդգծեց, որ կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի ընտրած բարեփոխումներու ուղին:
Հայկական նախաձեռնութեամբ կատարուած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան եւ Շարլ Միշել միտքեր փոխանակեցին Յունիսին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան յառաջիկայ գագաթնաժողովէն իրենց սպասելիքներուն շուրջ: