ՀՈՖԸՆՀԱՅՄ.- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Սարգիս Ադամեան ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ Ա. դասակարգի «Հոֆընհայմ» ֆութպոլի խումբին Յունուար ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Գերմանական ակումբին պաշտօնական կայքին վրայ տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ադամեան ապահովեց քուէներուն 74 տոկոսը:
26 տարեկան ֆութպոլիստը «Հոֆընհայմ» տեղափոխուելէ ետք (2019), երկրորդ անգամ ըլլալով կը ճանչցուի լաւագոյնը:
Նշենք, որ «Հոֆընհայմ»ը ներկայիս 7րդ դիրքը կը գրաւէ։