ՄՈՆԹՐՈԶ.- Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանը մեծ հանդիսութեամբ մը պիտի տօնէ իր երեսունհինգ ամեակը, գնահատելով երկարամեայ փորձառու ուսուցիչները եւ երեսունհինգ տարիներու ընթացքին հայ հասարակութեան մատուցուած աշխատանքը:
Հայ Քոյրերու վարժարանը հիմնուած է 1985ին, քոյր Հռիփսիմէ Չեֆթելեանի եւ իրեն ընկերակցող քոյրերուն կողմէ, հետեւելով Հայ Քոյրերու միաբանութեան ոգիին, որն է՝ «ուսուցանել եւ պահպանել կրօնը, հայ լեզուն եւ մշակոյթը», նպատակ ունենալով հայ մանուկը աշխարհիս այս անկիւնին մէջ հայ պահել, քոյրերու տքնաջան եւ անձնուէր աշխատանքով:
Հայ Քոյրերու վարժարանը քոյր Հռիփսիմէի հոգածութեան տակ, առաջին տասը տարիներուն ընթացքին եղած է սիրոյ բոյն մը հայ մանուկին համար, ապա, քոյր Ալֆոնսա Պետրոսեանի առաջնորդութեամբ վարժարանը տեղափոխուած է իր այժմեան վայրը՝ Մոնթրոզ, 2361 Ֆլորենսիթա փողոց:
Քոյր Եւտոքսիա Քաշիշեան՝ յաջորդ տնօրէնուհին, սերտ կապ ստեղծած է ծնողներուն եւ հասարակութեան միջեւ: Քոյր Լուսիան, շարունակելով նախկիններուն գործը՝ ստեղծեց Ծնողական յանձնախումբը, որոնց հետ տքնաջան աշխատանքով զարգացաւ դպրոցը, արդի արհեստագիտութեամբ եւ նոր օրենքներով: Քոյր Լուսիան կը մնայ՝ իբրեւ դպրոցին ընդհանուր պատասխանատու:
2019-2020 դպրոցական տարին սկսաւ կառավարման փոփոխութեամբ: Դոկտ. Հուլիօ Թէյեզ միացաւ Հայ Քոյրերու վարժարանին՝ իբրեւ տնօրէն, իր ջանքերը գործածելով դպրոցի զարգացման ի նպաստ:
Դպրոցը կը շարունակէ կարեւոր կէտերու վրայ կեդրոնանալ, ինչպէս՝ կրօն, լեզու, պատմութիւն եւ հայ մշակոյթ:
Ճաշկերույթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 9 Փետրուարին, Կլենտէյլի «Մեթրոփոլ» սրահի մէջ: Տիգրան Ասատրեան իր երգերով պիտի խանդավառէ ձեռնարկը:
Մանրամասներու համար՝ դիմեցէք դպրոց (818) 249-8783 թիւով:
(Հաղորագրութիւնը՝
վարժարանէն)