ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի միացեալ կրթաշրջանի, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման յանձնախումբի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին եւ ցեղասպանագէտ Հիլըրի Լըվինի համագործակութեամբ եւ առաջնորդութեամբ Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին, 15 Յունուարին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման նուիրուած միօրեայ աշխատանիստ մը։
Աշխատանիստին բացումը կատարեցին Ֆրեզնոյի միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչ Պապ Նելսըն եւ կրթաշրջանի պատմութեան եւ ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքի վարիչ Սթեֆըն Ռուիզ, որոնք թէ՛ շրջանի ուսուցիչներուն եւ թէ աշակերտներուն համար յոյժ կարեւոր նկատեցին նման հաւաքներու կազմակերպումը։
Այնուհետեւ, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի դաստիարակչական բաժանմունքի պատասխանատու Սարա Քոհըն ներկայացուց հայոց պատմութեան համառօտ ակնարկ մը եւ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ծալքերուն մասին՝ նշելով, թէ ինչպէ՛ս անիկա դարձած է ապագայ ցեղասպանութեանց ուղեցոյց մը:
Իր կարգին, Հիլըրի Լըվին, որ Հրեաներու Ողջակիզման մասնագէտ է, խօսեցաւ յատկապէս վերապրողներու վկայութիւնները օգտագործելու կարեւորութեան մասին։
Տեղի ունեցան նաեւ խորհրակցութիւններ։
Քալիֆորնիոյ եւ Ֆրեզնոյի կրթաշրջանին կրթական դասանիւթերուն համահունչ եւ դասաւանդութիւնը դիւրացնող եւ հարստացնող դաստիարակչական նիւթեր, ներառեալ՝ պատմական փաստաթուղթեր, համացանցային կայքերու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին ուսուցիչներուն:
Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել www.GenocideEducation.org կայքը: