ՎԱՐՈՒԺ ԲԱԲՈՒՄԵԱՆ
Իւրաքանչիւր գիրք պատուհան մըն է դէպի նոր մտածողութիւն, դէպի նոր աշխարհաընկալում, դէպի կեանքի նոր եւ յաճախ իւրայատուկ փիլիսոփայութիւն: Իւրաքանչիւր գիրք պատուհան մըն է, ուր կը բացուի մեր առջեւ կեանքը, մարդկութիւնը, աշխարհը նորովի տեսնելու, զայն ընկալելու եւ զգալու միջոցը: Մեր այսօրուան նիւթականացուած աշխարհի վրայ ապրող մարդը որքան բախտաւոր պիտի ըլլայ, երբ պիտի կարենայ ձերբազատիլ նիւթական չափանիշերու բարդոյթէն, գերմակերեսային արժէքներէն եւ բարձրանալ այնպիսի մակարդակի, երբ կարիքը զգայ գոնէ ամիսը մէկ անգամ կամ որոշ յաճախականութեամբ գիրք մը կարդալու, ծանօթանալու գրողի մը ներաշխարհին եւ իր կարդացածը փոխանցել ուրիշներուն, մասնաւորաբար երիտասարդութեան:
Կեանքը նկարագրել այնպէս ինչպէս որ է: Յարգանքի եւ երախտագիտութեան զգացումները շռայլել բոլոր անոնց, որոնք կը սիրէր ու կը յարգէր: Անսահման սէրը յայտնէր իր սիրելի ծննդավայրին, իր սիրելի Լիբանանին եւ մասնաւորաբար սիրելի Պուրճ Համուտին, ուր իր մանկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը ապրած էր: Խօսիլ թաղի նպարավաճառի մասին, անցնող ու եկող անցնորդներուն մասին, չմոռնալով ամէնէն յետին մանրամասնութիւնները: Եւ տակաւին…
Ահաւասիկ խօսքը մարդու մը մասին է, որ տակաւին քանի մը ամիսներ առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ եւ մեր սիրտերուն մէջ ցաւի ու ափսոսանքի ահաւոր թախիծի որպէս սպեղանի թողուց իր գործերը: Խօսքը մարդու մը մասին է, որ իր պարզ եւ անկաշկանդ բնաւորութեամբ սիրեց բոլորը ու սիրուեցաւ շատ շատերուն կողմէ: Անծանօթը իր հարազատ եւ հաղորդական բնաւորութեան պատճառով փնտռեց զինք ու դարձան ընկերներ:
Խօսքը Պօղոս Շահմելիքեանի մասին է: Մարդու մը մասին, որ բնաւ հաւակնութիւնը չունեցաւ գրականութեան աշխարհին մէջ ըլլալ մեծութիւն: Պօղոսը գրեց եւ ստեղծագործեց պարզապէս սիրելով գրելը, հայոց լեզուն եւ գրականութիւնը:
Պօղոսի անժամանակ բաժանումը պատճառ դարձաւ, որ ան չկարենայ իր այդքան սիրած ու փայփայած գիրքին շնորհահանդէսին ներկայ ըլլալ: Ուստի, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի իր ընկերները եւ բարեկամները կազմակերպեցին Պօղոս Շահմելիքեանի նորահրատարակ գիրքին նուիրուած երեկոն՝ պատուելու համար սիրելի գրողին յիշատակը եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու սիրելի անոր:
Կիրակի, 19 Յունուարին, «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ժագ Արմուտիքեան, որ ապա հրաւիրեց վարչական Պայծառ Գարակէօզեանը. ան կարդաց Պօղոս Շահմելիքեանի հակիրճ կենսագրականը: Որմէ ետք Պօղոսի Ճեմարանի դասընկեր Սագօ Մանուկեան, կարդաց իրենց դասընկերուհի Սելլա Գահվէճեան-Թընճուքեանի նամակը:
Յուշ-երեկոյին գլխաւոր բանախօսն էր Սոնա Մատարեան, որ գեղեցիկ եւ այժմէական ոճով անդրադարձաւ Պօղոս Շահմելիքեանի գիրքին բովանդակութեան, խօսեցաւ անոր գրական ոճին, լեզուի հաղորդականութեան, մարդկային յատկանիշերուն մասին, ինչպէս նաեւ անոր հարցերուն մօտեցման ձեւին մասին: Մատարեան հիմնականին մէջ կամուրջ մը եղաւ Պօղոս Շահմելիքեանի եւ սրահին մէջ ներկայ հանդիսականին միջեւ եւ արդարօրէն հեղինակը եւ անոր մտորումներու աշխարհը ոչ միայն ընթեռնլի, այլ նաեւ շօշափելի դարձուց ունկնդիրին:
Անդրադառնալով հեղինակի ոճին՝ Մատարեան ըսաւ, որ Շահմելիքեան բնաւ հաւակնութիւնը չունէր արհեստավարժ գրող մը ըլլալու: Պարզապէս սիրելով գրականութիւնը եւ գրելը՝ Պօղոսը կը ցանկար իր մտորումները եւ զգացումները յանձնել թուղթին եւ յօդուածներու ու կարճ պատմուածքներու ընդմէջէն իր սէրը եւ գուրգուրանքը փոխանցելով ընթերցողին: Հիմնականին մէջ Պօղոս Շահմելիքեան իր յուշագրութեան արտացոլումներուն ընդմէջէն իր երախտագիտութիւնը եւ սէրը կ՛արտայայտէր բոլոր անոնց, որոնք կը սիրէր, կը յարգէր եւ պարտական կը զգար: Հեղինակը մեծ սէր եւ յարգանք ունէր իր ծննդավայրին՝ Լիբանանի նկատմամբ եւ յատուկ գուրգուրանք ու անսահման պատկանելիութիւն՝ հանդէպ Պուրճ Համուտի, իր շրջապատին ու այդ շրջապատի մարդոց: Մեծ էր Պօղոսի սէրն ու յարգանքը իր ծնողքին նկատմամբ եւ այդ յստակօրէն կարելի էր տեսնել ու զգալ անոր տողերուն ընդմէջէն:
Հետաքրքրականօրէն, Մատարեան իր գրախօսականին ամբողջ տեւողութեան գերեց ներկայ ունկնդիրները եւ անոնց փոխանցեց հեղինակ մարդը, գրողը, յուշագրողը եւ բոլոր այն բաները, զորս Պօղոս պիտի ուզէր տալ, եթէ ինք ողջ ըլլար:
Յուշ-երեկոյին յաջորդ բանախօսն էր Սարգիս Մահսէրէճեան: Մահսէրէճեան անդրադարձաւ իր եւ Պօղոսի բարեկամութեան հանգամանքներուն եւ զուգահեռներ գծեց Մատարեանի գաղափարներուն հետ, չկրկնելու սիրոյն, անդրադարձաւ Պօղոսի մարդկային յատկանիշներուն:
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Եփրեմ արք. Թապագեան։ Սրբազանը, որ լաւապէս թափանցելով հեղինակին գրական ու հոգեկան արժէքներուն ներաշխարհը, լաւագոյն բարեխօսը հանդիսացաւ Արամ Ա. վեհափառին, որպէսզի Անթիլիասի Ազգային առաջնորդարանը յանձն առնէ հեղինակի գրքին հրատարակութիւնը: Սրբազան հայրը նաեւ անդրադարձաւ իր եւ Պօղոսի բարեկամութեան հանգամանքներուն մասին, թէ ինչպէ՛ս ճանչցաւ Պօղոսը, սիրեց անոր գրելու ոճը, քաջալերեց անոր շարունակել գրելու եւ վերջապէս խոստացաւ բարեխօսել Արամ Ա. հայրապետին, Պօղոսին գիրքը հրատարակելու համար Անթիլիասի տպարանին մէջ:
Հանդիսութեան աւարտին, յուշատախտակ մը նուիրուեցաւ հանգուցեալի այրիին՝ Ազնիւ Տաղտէւիրեան-Շահմելիքեանին:
Սիրելի ընթերցող, գնեցէք Պօղոս Շահմելիքեանի գիրքը, կարդացէք զայն եւ պիտի տեսնէք, թէ ի՛նչ հաճոյքով պիտի սիրէք Պօղոսը, անոր ներաշխարհը, մարդկային ամենամաքուր զգացումները, յարգանքն ու գուրգուրանքը՝ դէպի մարդը, շրջապատը, ծննդավայրը եւ կեանքը, զոր սիրեց, սակայն ցաւով զայն շատ կարճ ապրեցաւ: