ԵՐԵՒԱՆ.- 24էն 26 Յունուար տեղի ունեցաւ Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարականներու (Young European Socialists) կազմակերպութեան սեմինարներու շարքը եւ բիւրոյի հերթական ժողովը՝ Լիւքսեմպուրկի նոյնանուն մայրաքաղաքին մէջ:
ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան կողմէ վերոնշեալ ձեռնարկներուն մասնակցեցաւ Սարին Գազանճեան (Շուէտէն):
Սեմինարները կազմակերպուեցան երկու նիթերով՝ «Շրջակայ միջավայրի փոփոխութիւնները» եւ «Կազմակերպութիւններու ներքին կազմակերպուածութիւնը եւ կառուցուածքները»: Քննարկումներ ծաւալեցան շրջակայ միջավայրի փոփոխութեան հետեւանքներուն եւ այս հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն շուրջ: Դասախօսութիւններով հանդէս եկան Եւրոպայի ընկերվարական կուսակցութեան (PES) անդամները: Դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարականներու նախագահ եւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ալիսիա Հոմս:
Սեմինարին երկրորդ բաժինին մէջ քննարկուեցան երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներքին կազմակերպուածութեան եւ մարտահրաւէրներու հարցը: Մասնակցողները անդրադարձան իրենց կազմակերպութիւններուն դժուարութիւններուն եւ աշխատանքային խումբերուն մէջ առաջարկներ ներկայացուցին կազմակերպութիւններու ներքին կազմակերպուածութեան վիճակը բարելաւելու վերաբերեալ:
Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նաեւ Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարականներու բիւրոյի արտահերթ ժողովը, որուն ընթացքին հրաժարական ներկայացուց ընդհանուր քարտուղար Մայ Եէնսըն եւ ընտրուեցաւ նոր ընդհանուր քարտուղար՝ Աննա Փրիխցլաւա: ՀՅԴ Երիտասարդականը շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին ընդհանուր քարտուղարին՝ իր արդիւնաւէտ եւ հաճելի համագործակցութեան համար: