ՎԵՀԱՆՈՒՇ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, մեծ մեծ մօր, քրոջ, եւ հարազատին՝ Վեհանուշ Քէօշկէրեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2020ին։
Յուղարկաւորութեան արարուղութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2020ին, կէսօրէն ետք ժամը 12:30ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 2215 E. Colorado Blvd., Pasadena, ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Դուստրը՝ Տիրան եւ Լուսին Գրիգորեան
Զաւակը՝ Կարօ եւ Անի Պապեան եւ զաւակները՝ Նանօր եւ Յովիկ
Զաւակը՝ Գօգօ եւ Լուիզա Պապեան եւ զաւակները՝ Տալիա եւ Սագօ
Թոռը՝ Դրօ եւ Նարինէ Գրիգորեան եւ դուստրը՝ Դուին
Քոյրը՝ Ժանէթ Քէօշկէրեան (Լիբանան)
Քոյրը՝ Հէլէն Պարսումեան եւ զաւակները (Շուէտ)
Քոյրը՝ Սանդուխտ Պապեան
Եղբայրը՝ Ալեքսան եւ Սեդա Քէօշկէրեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Քոյրը՝ Տաթեւիկ Մինասեան եւ զաւակները (Սուրիա)
Տալը՝ Սրբուհի Մարաշլեան եւ զաւակները
Եւ համայն Քէօշկէրեան, Պապեան, Տէրվիշեան, Մինասեան,Պարսումեան,
Գրիգորեան, Լաչինեան, Դիրացույեան, Աւետանեան, Մարաշլեան,
Գրողլեան Եւ Տէր Սարգիսեան ընտանիքները, հարազատներն եւ բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի՝ նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (St. Gregory Armenian Apostolic Church of Pasadena, 2215 E. Colorado Blvd., Pasadena, CA 91107):
Նման պարագաներուն սիրտս կրկնակի կը ցաւի – Հարազատի մը կորուստին որ աչքերը կը փակէ օտար ափեր,և կարդալ ընտանեկան պարագաներուն ցաւակցութիւնները որ նոյնպէս ցաւալի պատկերը կու տան մեր ակամայ ՛՛ աքսորավայրերուն , Շոիետ-Լիբանան- Աւստրալիա- Սուրիա- ֆրանսա- Ս ևայլն -ևայլն …
so true we all over the globe. in my case lebanon london montreal toronto texas athens france abu dabe new zealand
Չէք կարծեր որ աս տեսակ քննադատութիւն կամ «ցաւ» յայտնելու համար ուրիշ արիթներ կան, մահազդին տակը ասանկ բան պէտք չէ գրէք, նորմալ եւ խելացի բան մը չէ ձեր գրածը: Ամոթ է նույնիսկ