ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Հուրիա» ռատիօկայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապին՝ հաստատելով, որ ժողովուրդը իսկական տառապանքի մէջ է, անոր կարիքները հսկայական են, եւ դժբախտաբար կարգ մը քաղաքական ուժեր նոյն ընթացքով կը շարունակեն իրենց աշխատանքները եւ գործելաոճը:
Ան շեշտեց, որ կարելի չէ յաւելեալ տարակարծութիւններու դուռ բանալ եւ արդէն իսկ տառապող ժողովուրդը յուսալքումի առաջնորդել՝ աւելցնելով, որ ի վերջոյ ո՛չ միայն դաշնակիցները, այլ նաեւ՝ քաղաքական բոլոր ուժերը իրարու հետ պիտի գործակցին, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը փրկել իր դիմագրաւած տագնապներէն:
«Մեր չափին ու կշիռին մէջ մնալով եւ կատարեալ համեստութեամբ կը հաստատեմ, որ ծանօթ ենք ժողովուրդին ցաւերուն ու կարիքներուն: Ներկայ փուլին համոզուած ենք, որ իշխանութեան հետ գործակցութեամբ է, որ կրնանք լուծումներու յանգիլ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ամէնէն դիւրին միջոցը փողոց իջնելն է: «Եթէ մենք կը խօսինք ընդդիմութեան եւ իշխանամէտ ըլլալու մասին, ապա դիւրին ձեւը ընդդիմութիւնն է, սակայն իշխանութեան մաս կազմելով եւ քաղաքական տարբեր ուժերու հետ գործակցելով կարելի է մեծ հարցեր ու տագնապներ կանխարգիլել», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով կառավարութեան‘ երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ներկայ կառավարութիւնը քաղաքական կառավարութիւն մը չէ, այլ՝ մասնագէտներու կառավարութիւն:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ժողովրդային շարժումին պահանջներուն մեծ համեմատութիւնը, յատկապէս անոնք, որոնք կենցաղային, ելեւմտական եւ տնտեսական են, փտածութեան դէմ պայքարին կամ իւրացուած գումարներու վերադարձին կը վերաբերին, արդարացի են:
Յ. Բագրատունի ակնարկեց նաեւ համայնքային դրութիւնը ջնջելու պահանջին՝ աւելցնելով, որ նոյնիսկ այն անհատը, որ կը հաստատէ, որ ինք համաձայն է ամբողջ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածելու եւ իր համայնքային պատկանելիութիւնը ջնջելու՝ անկեղծ չէ: «Դժբախտաբար Լիբանանը համայնքային երկիր է, որ հիմնուած է համայնքային եւ քաղաքակրթութիւններու բազմազանութեան վրայ», ընդգծեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ ինք ընդունած է ժողովրդային շարժումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ ստորագրած է յուշագիր մը՝ քանի մը ճշդում կատարելէ ետք, ապա մէկուկէս ժամուան հանդիպում ունեցած է այդ պատուիրակութեան հետ, որուն անդամներէն մէկը կուսակցութեան մը ականաւոր դէմքերէն էր:
«Կուսակցութիւնները ժողովրդային շարժումին հիմքն են, որովհետեւ անոնք ժողովուրդը կը ներկայացնեն: Կարելի չէ տարբեր կառավարութիւններու մաս կազմած բոլոր քաղաքական ուժերը եւ անոնց նախարարները պիտակաւորել իբրեւ իշխանութեան խորհրդանիշներ եւ փտածներ: Պէտք է տրամաբանել, զանազանել, իմաստուն կերպով քննել հարցերը եւ լուծումներու մասին մտածել», հաստատեց ան:
Տիրող ներկայ կացութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի մէջբերելով նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի արտայայտութիւնը՝ ըսաւ. «Շատ ազատութիւններ եւ քիչ ժողովրդավարութիւն»: Ան նշեց, որ ոմանք ազատութեան, վարկաբեկումին եւ ժողովրդավարութեան տարբերութիւնը չեն գիտեր:
Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուած «ցաւ պատճառող քայլեր»ու բացատրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ այդ քայլերը արդէն իսկ կ՛ապրինք‘ դրամատնային համակարգին սահմանափակ վճարումներուն պատճառով:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բարդացնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին համար յստակ էր այն իրականութիւնը, որ ո՛չ նախարարութիւնները եւ ո՛չ ալ համայնքներուն իրաւունքները կառավարութեան կազմութենէն աւելի առաջնահերթ են, «եւ այդ պատճառով ալ մենք դիւրացուցինք կառավարութեան կազմութիւնը՝ մեզի տրուած երկու նախարարութիւններէն մէկը զիջելով: Երկրին շահերը շատ աւելի կարեւոր են, քան քաղաքական կուսակցութիւններուն շահերը», հաստատեց ան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ազատ որոշումին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն մի՛շտ ազատ է իր տուած որոշումներուն մէջ: Ան յայտնեց, որ երբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի վարչապետի թեկնածու էր, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն որոշած էր անոր անունը առաջադրել վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, հակառակ անոր որ Ազգային ազատ հոսանքը կը մերժէր թեկնածուի անուն առաջադրել:
«Այս իմաստով քաղաքական տարբեր ուժեր կապուեցան մեզի հետ, եւ մենք հաստատեցինք, որ մեր կեցուածքը կը մնայ անփոփոխ: Այս հարցին գծով, առաջին անգամ ըլլալով մեզի հետ կապ հաստատեցին նաեւ Լիբանանի մէջ եւրոպական երկիրներու դեսպաններ, եւ երբ հաստատեցինք, որ մեր թեկնածուն Սաատ Հարիրին է, անոնք գոհունակ գտնուեցան եւ ողջունեցին մեր որոշումը: Նոյն հաստատումը կատարեցինք նաեւ Հարիրիի աւագ խորհրդատուին, այդ հիման վրայ ալ, ան իր կարգին ընդգծեց, թէ կարելի է նկատել, որ Սաատ Հարիրի վարչապետ նշանակուած է: Սակայն Հարիրիի նշանակումը արգելակուեցաւ Լիբանանեան ուժերուն կողմէ կեցուածքի փոփոխութեամբ, այլ խօսքով՝ Հարիրիի թեկնածութիւնը չառաջադրելու որոշումով: Այս մասին ես ոչինչ կրնամ ըսել, սակայն վստահ եմ, որ Սաատ Հարիրի ծալքերուն ծանօթ է», յայտնեց ան:
Ան բացառեց այն կարելիութիւնը, թէ Ծոցի երկիրներն ու Սէուտական Արաբիան կը նեղանան Թուրքիոյ եւ Քաթարի կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութենէն:
Այս շրջագիծին մէջ Բագրատունի աւելցուց, որ ընդհակառակն՝ սկսած ենք թրքական քաղաքականութիւններուն նկատմամբ ընդվզում շօշափել արաբական երկիրներու մօտ: «Պէտք չէ մոռնալ, որ ՏԱԷՇը («Իսլամական պետութիւնը») արաբական աշխարհ, յատկապէս Սուրիա մուտք գործեց Սուրիոյ հետ թրքական սահմաններէն: Այս իրականութիւնը սուրիացի ժողովուրդը անկարելի է որ մոռնայ», ըսաւ ան:
Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ այդ յարաբերութիւնները կարելի եղածին չափ արագ պէտք է բնականոնացնել՝ նկատի ունենալով Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային տագնապալի իրավիճակը:
Ան շեշտեց, որ Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները չեն արգիլեր Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը:
«Կը հաւատամ, որ 17 Հոկտեմբերը նուազագոյնը առիթ պիտի ընծայէ, որ ատակ անձը հասնի պաշտօնի: Այդ շարժումը հիմը դրած է նոր ձեւի մը: Հակառակ անոր որ յոյսերս մեծ են, այն իմաստով, որ այդ շարժումը կամ ժողովրդային պոռթկումը պիտի մղէ, որ երկրին մէջ տիրող վարուելակերպը, քաղաքացիներու եւ պատասխանատուներու կենցաղները եւ այլ բաներ վերատեսութեան ենթարկուին:
Ներկայ փուլը արտակարգ է: Կարեւորը այն է, որ այս փուլին ընթացքին գիտնանք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք: Վարչապետին հետ հանդիպումի մը ընթացքին առաջարկս այն էր, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը լայն ու հսկայ խորագիրներ ու մեծ խոստումներ չբովանդակէ, այլ՝ նուազագոյնը, զոր կարելի է գործադրել», ընդգծեց Բագրատունի: