ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 22 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7։30 սկսեալ տեղի պիտի ունենայ «Ապրիլ» գրատան Երաժշտական երեկոներու շարքին յաջորդ ձեռնարկը, որ նուիրուած է պատմական Հայաստանի երաժշտութեան։
Արդարեւ, 22 Փետրուարի ձեռնարկին ընթացքին պիտի բանախօսէ եւ պիտի նուագէ միջազգային ճանաչում վայելող ուտի վարպետ Ռիչըրտ Յակոբեան։
Արուեստագէտը պիտի ներկայացնէ Յարութ Առաքելեան։
Փոքր տարիքէն ուտ նուագելու սկսած Ռիչըրտ Յակոբեան արժանացած է շարք մը մրցանակներու եւ դասաւանդած է քանի մը համալսարաններու մէջ, Միացեալ Նահանգներու տարածքին բազմաթիւ համերգներու մասնակցելու կողքին: Ձեռնարկին մուտքը ազատ է, սակայն կարելի է է կանխաւ տեղ ապահովել՝ այցելելով www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը։ Գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։