ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Մայրենի լեզուի Միջազգային օրուան առիթով «Ֆէյսպուք»ի վրայ հայերէնով եւ թրքերէնով կատարած է հետեւեալ գրառումը.
«Մեր մայրենին մեր պատիւն է: 21 Փետրուարի Համաշխարհային Մայրենի լեզուի օրը շնորհաւոր ըլլայ»:
Նշենք, որ գրառման կից հայ պատգամաւորը հայերէն այբուբենի լուսանկարը հրապարակած է։