ԵՐԵՒԱՆ.- 22-23 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան 7րդ պատգամաւորական ժողովը: 22 Փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական բաժինին մասնակցեցան ոչ միայն դաշնակցականներ, այլ նաեւ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու երիտասարդ ներկայացուցիչներ:
«Դաշնակցութեան յարատեւութեան գաղտնիքը պայմանաւորուած է նրանով, որ Դաշնակցութիւնն իր մէջ եւ իր կողքին միշտ ունեցել է հայրենասէր, կազմակերպուած, գաղափարական երիտասարդութիւն, եւ իւրաքանչիւր սերունդ նոր կեանք, նոր շունչ է տուել կուսակցութեան ծրագրերին», ժողովին բացման հանդիսութեան ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան պատմական ակնարկ մը նետելով՝ ըսաւ, թէ ՀՅԴ երիտասարդութիւնը ինչպիսի մասնակցութիւն ունեցած է հայրենիքի պաշտպանութեան գործընթացներուն մէջ:
Ըստ Իշխան Սաղաթէլեանի՝ այսօր առաւել քան որեւէ ժամանակ անհրաժեշտ է Հայաստանի մէջ ունենալ իր ազգային ինքնութիւնը եւ մշակոյթը խորապէս իմացող եւ կարեւորող երիտասարդութիւն՝ ազգային գաղափարախօսութեան տէր, քաղաքականացած երիտասարդութիւն. «Ամենեւին պայման չէ կուսակցական պատկանելութիւնը, կարեւորը՝ տեսակէտ, գաղափար, դիրքորոշում ունեցող երիտասարդութիւն ունենալն է։ Մենք կարող ենք մեր գաղափարները չկիսողների, մեր գաղափարները ծայրայեղ չընդունողների հետ խօսել, գործակցել, բայց ամենավատը անտարբեր երիտասարդութիւնն է, ամենավատն այն երիտասարդութիւնն է, որը չունի դիրքորոշում, կեցուածք, մտահոգութիւն իր երկրի, ժողովրդի ապագայի եւ ներկայի նկատմամբ», շեշտեց ան:
«ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները, եւ յատկապէս Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը՝ մերժելով եւ պայքարելով հանդերձ այսօրուան ներքաղաքական իրավիճակը յատկանշող անընդունելի երեւոյթներու դէմ, ազգային գործունէութեան հետ մէկտեղ կը շեշտադրեն եւ պիտի շարունակեն յաւելեալ թափով իրականացնել ընկերվարական բնոյթի ծրագիրները, ընկերային արդարութեան, բնապահպանութեան եւ այլ ընկերային-տնտեսական բնոյթի կառուցողական նախաձեռնութիւնները», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեան:
Տէր Գէորգեան՝ անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի լուծման՝ նկատել տուաւ. «Այժմ մտահոգութիւններ կան Արցախի տագնապին շուրջ զարգացումներուն վերաբերեալ: ՀՅԴ երիտասարդութիւնը կը մերժէ տարածքային որեւէ զիջում՝ ենթադրեալ անվտանգութեան դիմաց եւ իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէ Արցախի տագնապի բոլոր մարզերուն»:
ՀՅԴի համար առանցքային պիտի մնան Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի անվտանգութեան վերաբերող հարցերը: ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան ժողովին երիտասարդները ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը՝ համահարթ եկամտահարկին դէմ պայքարը, «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» օրէնքի նախագիծի դէմ պայքարը եւ այլն եւ յիշեցուցին, որ ամէն տարի Ապրիլ 24ին կը կազմակերպեն ջահերով երթը:
Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան նախագահ Հայկ Մամիջանեան, որ նշեց, թէ անկախ գաղափարական հակասութիւններէն, մեր երկրին մէջ քաղաքական ուժերը մէկ ընդհանրութիւն ունին՝ ազգային դիմագիծի պահպանում, ազգային արժէքներու արժեւորում:
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամ Արգիշտի Գէորգեան ըսաւ՝ թէեւ կուսակցութիւնները եւ գաղափարախօսութիւնները տարբեր են, բայց բոլորին նպատակն է տեսնել ազատ, անկախ, յառաջադէմ, հզօր, նաեւ միացեալ Հայաստան:
«Մենք բոլորս երիտասարդներ ենք՝ լցուած մեծ նպատակներով եւ դրանք իրագործելու վճռականութեամբ։ Նշանակում է՝ ինչ-որ տեղ մեր բոլորի շահերը համընկնում են, ունենք գործելու ընդհանուր դաշտ, որից չօգտուելը աւելորդ շռայլութիւն կը լինի», ըսաւ Արգիշտի Գէորգեան: