Յարգելի խմբագիր,
«Ասպարէզ»ի երկարամեայ բաժանորդներէն մէկն եմ. տարիներու ընթացքին փորձած եմ հետեւիլ մեր մամուլին եւ դաստիարակուած՝ բեղուն գրիչներու յօդուածները կարդալով։
Բաժանորդագրուած եմ «Ազդակ»ին, «Դրօշակ»ին, «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ին «Բագին»ին եւ զանազան այլ թերթերու, ինչպէս՝ «Նոր Կեանք», «Մարմարա» (Պոլիս) եւ այլք։
Վերոյիշեալ թերթերուն անունները տալով՝ ուզեցի շեշտել, թէ ընդհանրապէս մամուլը առաջնորդող հեղինակութիւններէն մէկն է անհատի մը կեանքին ընթացքին, երբ մանաւանդ այդ թերթը ունի որակաւոր յօդուածագիրներ, որոնք յաճախակի գրելով՝ ընթերցողին միտքին «դրան բանալին» կը դառնան, ինչու չէ, նաե՛ւ երբեմն անոր «զսպանակ»ողը կամ «պահանջատէր» ըլլալու պատճառը։
Մեր հայ մամուլը, մանաւանդ պաշտօնաթերթ մամուլը խորհրդատու եղած է իր խմբագրականներով, որոնք հետզհետէ, հաւանաբար այլ եւ այլ պատճառներով, պակսած են. բայց ժամանակի ընթացքին, խմբագրականը տեղադրուած է «Օրը Օրին»ով, «Կիզակէտ»ով։
Նախորդ խմբագիրը՝ Աբօ Պողիկեան, յարատեւօրէն կը գրէր «Օրը Օրին»ը, որ փնտռուած սիւնակ մըն էր, իսկ «Կիզակէտ»ը տարիներ՝ Նազարէթ Պէրպէրեանին յատկանիշ գրիչին արգասիքը, իր ղեկավարող յօդուածները եղած էին. ինչպէս նաե՛ւ իր Տարեդարձներու նուիրուած անհամար յօդուածները։
Նազարէթ Պէրպէրեանի յօդուածները չեմ կարծեր, որ անտեսումի դոյզն պատճառ ունեցած են ընթերցողներուն կողմէ, այլ վստահաբար՝ գնահատանքի։
Ափսո՜ս, որ այս օրերուն, քիչ են Ն. Պէրպէրեանի նման յօդուածագիրներ, եւ մեր բոլորի պարտականութիւնն է առաջին հերթին, անվարա՛ն պահել զանոնք։
Խրատ չէ վերոնշեալը. մեղա՜յ Արարատին. այլ՝ Պարոյր Սեւակի անմահ գրիչով՝ «Խնդրում եմ՝ պահանջելու պէս», որ Նազարէթ Պէրպէրեանի յօդուածները չդադրին լոյս տեսնելէ մեր բոլո՜ր մամուլներէն, որովհետեւ Նազարէթ Պէրպէրեան եւ անոր նման սակաւաթիւ յօդուածագիրներ, մեզի կը յանձնեն լայնախոհ դաշնակցականի անկաշկանդ քննադատութեան կամ գնահատանքի արթնութիւնը, ե՛ւ քաջութիւնը։
Յոյս ունիմ, գրեթէ՝ վստահ, որ ընթերցողի քիչ մը երկար այս նամակս կը հրատարակուի, որովհետեւ մեր պաշտօնաթերթը միշտ ալ տեղ տուած է նամակներու, եւ նոյնիսկ «Ազատ Բեմ»ի էջ յատկացուած է յօդուածագիրներուն։
Շնորհակալութիւն եւ մշտական յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլորի՛դ։
ՍԱԼԲԻ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
15 Փետրուար, 2020
Երևում է նամակագիրը «Ազդակ»ին, «Դրօշակ», «Ազդակ Շաբաթօրեակ» և «Բագին» ստանալով հանդերձ տեղեակ չէ, որ թէ Ն. Պէրպէրեան և թէ Ա. Պօղիկեան պատժուած ու հեռացուած են ՀՅԴ շարքերէն: Հետաքրքրականն այն է, որ «Ասպարէզն» անգամ կարծես տէղեակ չէ այս իրողութիւնէ ու դեռ անոնց անուններով կը սևացնէ իր Էջերը: Խորհուրդս Ասպարէզի խմբագրութեան պիտի ըլլա այն, որ եթէ շատ կարօտացած էք Նազարէթին ու Աբոյին, ազատ էք ամեն վարկեան հրաժարելու, գուցէ ձեզ ալ պաշտօն մը տան Ազատութեան Ձայն կամ Սիվիլ Նէթ կամ Սորոս Թիվիին մէջ…