ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հինգշաբթի, 21 Փետրուարի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղին, շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելու Սուրիոյ խորհրդարանին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու որոշումին համար:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ Հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդը, Ազգային վարչութեան ատենապետը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ու թեմին ազգային մարմիններու, Դամասկոսի ՍՕԽի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ Նորա Արիսեան եւ Ժիրայր Ռէյիսեան:
Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը ողջունեց այցելուները եւ հաստատեց, որ խորհրդարանը այս որոշումով միաձայնութեամբ դատապարտեց Օսմանեան կայսրութեան ծրագրած եւ իրագործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ բարեկամ ժողովուրդին:
Սապպաղ աւելցուց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը մարդկութեան բարոյական, մարդկային եւ քաղաքական պարտքն է, յատկապէս երբ կը տեսնենք, որ վերջերս նոյն ոճրագործը նոյնանման ահաբեկչական ոճիրներ կը գործէ Սուրիոյ մէջ՝ իր բռնատիրական ձգտումները իրականացնելու համար:
Սապպաղ շեշտեց, որ սուրիահայութիւնը սուրիական ընկերութեան խճանկարին հիմնական մէկ մասն է, իրողութիւն մը որ քանիցս հաստատուած է նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ: Խորհրդարանին նախագահը կարեւոր համարեց նաեւ հայերուն՝ սուրիացի իրենց եղբայրներուն հետ ձեռք-ձեռքի վերականգնումի լծուելու աշխատանքը, սուրիական դրօշին եւ երկրի վսեմաշուք նախագահին շուրջ համախմբուելով: Ան աւելցնելով՝ ըսաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, հայերը արտայայտեցին իրենց հաւատարմութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը՝ պաշտպան հանդիսանալով սուրիական հայրենիքին:
Սապպաղ իր խօսքին ընթացքին նկատել տուաւ, որ Արամ Ա. առաջինն էր, որ իր ուղարկած շնորհակալական նամակով արձագանգեց խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումին:
Իր կարգին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը թեմին զաւակներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ խորհրդարանին, անոր նախագահին եւ երեսփոխաններուն այս որոշումով արդարութեան յաղթանակին սատարելնուն համար՝ աւելցնելով, որ այս յաղթանակը թագադրուեցաւ Հալէպի ամբողջական ազատագրումով:
Մասիս եպս. Զօպուեան շեշտեց, որ «սուրիացիներս հպարտ ենք Սուրիոյ նախագահով, անոր պատուաբեր կեցուածքներով, իսկ հայերս ամէնուր պիտի պաշտպանենք Սուրիան եւ անոր իրաւունքները»:
Հուսկ, սրբազան հայրը Բերիոյ Հայոց թեմին կողմէ Սուրիոյ նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ երեսփոխաններուն ուղղուած շնորհակալական նամակները յանձնեց Համմուտա Սապպաղին: