
«Կ՛ուզեմ, Որ Մարդիկ Գիտնան, Թէ Հանրային Դպրոցները Ինչո՛ւ Կարեւոր Են»
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Սքաթ Շմերըլսըն թեկնածու է Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան, երրորդ ընտրաշրջանէն, որ կրթաշրջանի եօթը ընտրաշրջաններու մեծագոյնն է: Լոս Անճելըսի կրթաշրջանը կը բաղկանայ 1200 վարժարաններէ, ուր կ՛ուսանին մօտաւորապէս 800,000 աշակերտներ եւ կը գործեն 30,000 ուսուցիչներ: Երրորդ ընտրաշրջանը կը պարունակէ 110 դպրոցներ, ուր կ՛ուսանին մօտաւորապէս 25,000 հայեր:
Թեկնածուին հետ ունեցայ հետաքրքրական հարցազրոյց մը, որուն ներկայ էր նաեւ Միհրան Գալայճեան: Ստորեւ՝ անկէ հատուածներ.
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Ինչո՞ւ կ՛ուզէք վերընտրուիլ:
ՍՔԱԹ ՇՄԵՐԼԸՍԸՆ.- Որովհետեւ կ՛ուզեմ, որ մարդիկ գիտնան, թէ հանրային դպրոցները ինչո՛ւ կարեւոր են եւ ես շատ լաւ կը հասկնամ, թէ Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանը ինչպէ՞ս կը գործէ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Այդ պաշտօնին համար մրցակիցներ ունի՞ք:
ՍՔԱԹ ՇՄԵՐԼԸՍԸՆ.- Այո, երկու մրցակիցներ: Մերիլին Քոզինթեք, որ Կրենտ երկրորդական վարժարանի հաղորդակցութեանց պատասխանատուն է եւ Էլիզապէթ Պեճըր, որ անցեալ անգամ եւս մրցակիցս էր եւ պարտուեցաւ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Ի՞նչ առաւելութիւն ունիք այդ մրցակիցներէն:
ՍՔԱԹ ՇՄԵՐԼԸՍԸՆ.- 35 տարուան փորձառութիւն ունիմ կրթական մարզին մէջ՝ նախ իբրեւ ուսուցիչ, խորհրդատու, ապա իբրեւ օգնական տնօրէն եւ վերջապէս՝ տնօրէն:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Կ՛այցելէ՞ք ձեր շրջանի վարժարանները:
ՍՔԱԹ ՇՄԵՐԼԸՍԸՆ.- Այո, ամէն օր եւ մարդիկ կը զարմանան, որ իրենցմով հետաքրքրուած եմ: Ես նոյնիսկ այցելեցի շրջանիս ոչ-հանրային վարժարանները:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Օրինակ մը կրնա՞ք տալ այդ այցելութիւններու վայրին եւ նպատակին մասին:
ՍՔԱԹ ՇՄԵՐԼԸՍԸՆ.- Սիրով, այցելեցի Մանուկեան-Տէմիրճեան եւ Ֆերահեան վարժարանները, երբ գիշերով խափանարար մարդիկ թրքական դրօշակը պարզած էին անոնց պատերուն վրայ: Այցելութեանս նպատակը նեցուկ կանգնիլ էր եւ օգնութեան հրաւիրել մեր վարժարաններու ցանցին ոստիկանները: Հոն էր նաեւ նահանգային ներկայացուցիչ Ատրին Նազարեան:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կ՛ուզէք օգտակար հանդիսանալ աշակերտներուն:
ՍՔԱԹ ՇՄԵՐԼԸՍԸՆ.- Ես կ՛ուզեմ իրենց միտքերուն մէջ դրօշմել մշակութային գիտակցութիւնը: Ես ջատագովն եմ ցեղային ուսմանց, այսինքն ջանք պիտի տանիմ, որ իւրաքանչիւր աշակերտի մշակոյթը ու քաղաքակրթութիւնը ճանչցուի եւ յարգուի բոլորին կողմէ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Իսկ հայ աշակերտներուն համար՝ ի մասնաւորի, ի՞նչ աշխատանք կը տանիք:
ՍՔԱԹ ՇՄԵՐԼԸՍԸՆ.- Կ՛ուզեմ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Ռուանտայի, Քամպոտիայի եւ այլ երկիրերու մէջ արձանագրուած մարդկային վայրագութեանց կողքին, դասաւանդութեան նիւթ դառնայ: Առաւել, կ՛աշխատիմ, որ մեր դպրոցներուն ցանցը որոշում տայ՝ յարգելու հայ աշակերտները ամէն տարի՝ Ապրիլ 24ին:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Ձեր դպրոցներուն մէջ հայ եւ օտար աշակերտներուն միջեւ հարցեր կա՞ն:
ՍՔԱԹ ՇՄԵՐԼԸՍԸՆ.- Այս հարցին կը սպասէի: Դժբախտաբար՝ այո: Կրենտ երկրորդական վարժարանի հայ եւ մեքսիքացի աշակերտները ամէն Ապրիլ 24ին եւ Մայիս 5ին կռիւի կը բռնուին: Այս հարցը բարւոք լուծելու համար, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մեքսիքայի հիւպատոսները դպրոց եկան եւ շատ յաջող երկխօսութիւն մը տեղի ունեցաւ: Յուսանք, որ այդ կռիւները այսպիսով վերջ կը գտնեն:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Վերջին ըսելիք մը ունի՞ք մեր ժողովուրդին:
ՍՔԱԹ ՇՄԵՐԼԸՍԸՆ.- Այո, կ՛ուզեմ այս հաւատամքս բաժնել իրենց հետ. բոլոր աշակերտները համահաւասար են եւ անոնց ծնողները բոլորն ալ կը կամենան լաւագոյն ուսումը տալ իրենց զաւակներուն: