ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Դաշնակցութիւնը երբեք աւելորդ խոստումներ չի տար, կ՛ըսէ այն, ինչը պիտի իրագործէ: Այս մասին Խնուշինակ համայնքին մէջ տեղի ունեցած նախընտրական հանդիպումին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախագահ, ՀՅԴ համամասնական ցուցակով ներկայացուած պատգամաւորութեան թեկնածու Արթուր Մոսիեան:
Ան դիտել տուաւ, որ որոշ թեկնածուներ այս շրջանին անիրական խոստումներ կու տան, կը խօսին աշխատավարձերու, թոշակներու բարձրացման մասին՝ աւելցնելով, թէ ոեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ, որ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատավարձերու համակարգերը փոխկապակցուած են եւ այդ պատճառով ալ էական տարբերութիւններ ունենալը անկարելի է: Տարբեր ծրագիրներու շրջագիծին մէջ արտօնութիւնները եւ յաւելավճարները իրատեսական են, որոնց մասին մեր ծրագիրին մէջ նշած են:
Մոսիեան յայտնեց, որ խոստումներ տալու առումով Դաշնակցութեան ծրագիրը մրցունակ չէ, իսկ իրականութեան առումով՝ մրցունակ է: «Դաշնակցութիւնը միայն մէկ խոստում կրնայ տալ՝ երբեք ժողովուրդին չխաբել», շեշտեց Արթուր Մոսիեան: