ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահականը երկրին հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ փոքրամասնութիւններուն պատկանող հիմնարկներէն պահանջեց աջակցութիւն յայտնել Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ թրքական բանակին ռազմական գործողութիւններուն, ստորագրելով այդ նպատակով իրենց յղուած նամակին տակ։
Թուրքիոյ մէջ հրապարակուող «ՀայԹերթ» լրատուամիջոցը կը նշէ, որ յայտարարութիւնը ուղարկուած է հայկական, յունական, հրէական ու ասորական հիմնակներուն:
Երկարաշունչ յայտարարութեան մէջ Թուրքիա կը ներկայացուի՝ իբրեւ «տարածաշրջանին եւ աշխարհի խաղաղութեան յառաջամարտիկ»։
Յիշեցնենք, որ Իտլիպի գործողութեան դէմ շարք մը բողոքի ցոյցեր եւ յայտարարութիւններ կատարուեցան Թուրքիոյ տարածքին։