ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Արտանիշի մէջ նախորդ տարի կատարուած պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուեցան եւ վերականգնութեան ընթացքին մէջ են մարդաբանական նիւթեր՝ Ն. Ք. 7-6 դարերու գտածոներ, որոնց կարգին նաեւ՝ մանուկներու կմախքներ։ Արդէն մասնակի կերպով վերականգնուած են 14 գանկեր, որոնցմէ 3ը՝ մանուկներու։
Յուլիս 2019ին, Արտանիշի մէջ կատարուած պեղումներէն յայտնաբերուած մարդաբանական նիւթերը կը պահուին Պատմամշակութային արգելոց-թանգարանների եւ Պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան ֆոնտերուն մէջ։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան, նաեւ ԳԱԱ Երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկներուն միացեալ արշաւախումբի կազմին մէջ (համաղեկավարներ՝ Արսէն Բոբոխեան եւ Արշաւիր Յովհաննիսեան) ընդգրկուած են նաեւ «Պահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութեան պահպանման բաժինի հնամարդաբան Յասմիկ Սիմոնեան։
Հնագիտական արշաւախումբը նախորդ տարի պեղած էր երկու դամբարաններ, մէկը՝ անհատական, միւսը՝ խմբային։
Ըստ հնամարդաբան Յասմիկ Սիմոնեանի՝ հետաքրքրական էր յատկապէս հաւաքական գերեզմանը, ուր շուրջ 30 մարդկային կմախքներ յայտնաբերուած էին։ Մասնագէտը դիտել տուաւ, որ գանկերէն մէկը վերականգնուած է շուրջ 30 բեկորներէ։
Աշխատանքներուն աւարտին եւ հնագէտներու հետ նեղ մասնագիտական քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ պիտի կազմուի աւելի յստակ պատկերացում դամբարանի պեղուած հատուածին մասին։ Հնագիտական արշաւախումբը այս տարի եւս պեղումներ պիտի կատարէ Արտանիշի մէջ։