ԿԱՊԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ: Այս մասին յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան 10 Մարտին Կապան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին:
«Ես այս ընթացքում հեռախօսազրոյց ունեցայ Ռուսաստանի Դաշնութեան վարչապետ, պարոն Միշուստինի հետ: Մենք քննարկեցինք համաշխարհային շուկայում տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցող գործընթացներում մեր անելիքները», ըսաւ Փաշինեան: