ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Կիպրոս գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ հանդիպումը կազմակերպուած էր Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հայկական համայնքի պետական ներկայացուցիչ, պատգամաւոր Վարդգէս Մահտեսեանի նախաձեռնութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին Արցախի արտաքին գործոց փոխնախարարը ներկայացուց Արցախի արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները, մասնաւորաբար անդրադարձ կատարեց Արցախի միջազգային ճանաչման եւ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ լուծման ներկայ փուլին:
Հանդիպման մասնակցողներուն խնդրանքով Արմինէ Ալեքսանեան նաեւ խօսեցաւ Արցախի մէջ տիրող կացութեան մասին՝ ընդգծելով 31 Մարտին հանրապետութեան մէջ տեղի ունենալիք համապետական ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը ժողովրդավարական պետականութեան շարունակական ամրապնդման տեսանկիւնէն:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Արցախ-Սփիւռք յարաբերութիւններուն՝ ընդգծելով հայկական համայնքային կառոյցներուն դերը թէ՛ Սփիւռքի մէջ հայապահպանման եւ թէ հայրենիքի, մասնաւորաբար Արցախի մէջ, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ոլորտներու զարգացման վերաբերող զանազան ծրագիրներու իրականացման առումով: Կողմերը կարեւոր նկատեցին նման հանդիպումներու պարբերաբար իրականացումը՝ համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու շուրջ միտքերու փոխանակման եւ հետագայ քայլերու նախանշման նպատակով: