
«ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄԱԿԱՆ»Ն Է՝ ՍԻՐԱՆ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ 45րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ փառատօնին պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած են շրջանիս մէջ հանրածանօթ ազգային բարերարներ՝

Շրջանային վարչութիւնը դարձեալ ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ 45րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն »Տիպար ՀՄԸՄական«ի տիտղոսը որոշած է շնորհել քոյր Սիրան Մարսէլեանին, նկատի ունենալով քրոջ երկար տարիներու անձնազոհ նուիրումը այս մեծ կազմակերպութեան: