ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայկական կրթական բարեսիրական միութիւնը (ՀԿԲՄ) կը հաղորդէ, թէ ուսանողական կրթաթոշակներու իր հիմնադրամին ի նպաստ ճաշկերոյթ մը կազմակերպած է, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 22 Մարտին, առաւօտեան ժամը 10։30էն սկսեալ, միութեան կեդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 1060 North Allen Ave., Pasadena, CA 91104:
Տոմսերու սակը 50 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (626) 344-7321 թիւին։
Հայկական կրթական բարեսիրական միութիւնը հիմնուած է Լիբանանի մէջ, 1969ին, խումբ մը նուիրեալներու կողմէ, որոնք հաւատացած են կարիքաւոր ուսանողներու օգտակար դառնալու առաքելութեան: ՀԿԲՄը Քալիֆորնիոյ մէջ հաստատուած բարեսիրական կազմակերպութիւն է եւ ունի ոչ-հասութաբեր կարգավիճակ (section 501 (c) (3): Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://aebu.org կայքը։