Ռ.Շ.
Կեդրոնական Նիւ Ճըրզիի Էլպըրոն աւանի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի տեղի ոնեցաւ դասախօսութիւն մը՝ «Կնոջ դերը հայ կեանքին մէջ» նիւթով: Դասախօսն էր Յարութիւն Մըսրլեանը, որ երկլեզու՝ սահիկներ գործածելով, հանրութեան ներկայացոց հայ կնոջ աւանդական, այսինքն նահապետական դերէն դուրս գալու պայքարին հակիրճ պատմականը:
Մըսրլեան կեդրոնացաւ առաջին կին գրող ռահվիրաներուն վրայ: Սկսելով պոլսահայ Սրբուհի Տիւսաբէն (ամուսնացած ֆրանսացիի մը հետ), ան անցաւ Զապէլ Եսայեանին: Մըսրլեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Եսայեանի կեանքը, 1915ի եղեռնէն մազապուրծ փրկութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի խորհրդային կայքերուն հաստատումէն ետք, ընտանեօք ներգաղթը: Ան կեդրոնացաւ Եսայեանի գլուխ գործոցին՝ «Սիլիհտարի Պարտէզները» գիրքին վրայ, որ վերջերս ամերիկահայ երիտասարդուհիի մը կողմէ անգլերէնի թարգմանուած էր: Եսայեան, ինչպէս ծանօթ է բոլորիս, 1937ին ձերբակալուեցաւ՝ իբրեւ ազգայնական գործիչ եւ աքսորուեցաւ Սիպերիա:
Դասախօսութեան երկրորդ մասին մէջ, Մըսրլեան հանրութեան ծանօթացուց ոչ միայն հայ կին գրողները, այլ նաեւ աստղաբաշխները, որոնց կարգին է Մարի Փիշմիս (ծնեալ Սուքիասեան): Ան առաջին կինն էր, որ Պոլսոյ համալսարանէն դոկտորականի վկայական (PHD) ստացաւ: Ապա, Մըսրլեան խօսեցաւ Նոր Ջուղացի դեսպան Տիանա Աբգարի մասին, որ եղաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան Ճափոնի մօտ դեսպանը:
Դասախօսութեան աւարտին, Մըսրլեան ներկաներուն ներկայացուց Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած, հայ կնոջ օրուան ձեռնարկներուն լուսանկարները:
Ձեռնարկը փակուեցաւ դասական երաժշտութեան համերգով մը, ներկայացուած երիտասարդներու կողմէ: