ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Շաբաթ, 7 Մարտին, առաւօտեան ժամը 10:30էն սկսեալ, Արցախի դիմագրաւած հարցերուն նուիրուած միօրեայ քննարկումներ տեղի ունեցան Օրենճ Քաունթիի Հայ կեդրոնին մէջ:
Շրջանի ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ եւ ՀԵԴի «Աշոտ Երկաթ» ուխտին համագործակցութեամբ իրականացած իւրայատուկ այս ձեռնարկին առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Կարօ Մոմճեան:
Բանախօսը ներկայացուեցաւ ՀԵԴի «Աշոտ Երկաթ» ուխտի անդամ Քարին Քոտիլեանի կողմէ, որմէ ետք դասախօսը նկարներու եւ քարտէսներու օգտագործութեամբ տուաւ Արցախի պատմականը եւ ներկայացուց շրջանին ռազմաքաղաքական իրավիճակը:
Երկրորդ բանախօսն էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան, որ խօսեցաւ Հայ Դատի գործունէութեան զանզան երէսներուն մասին, կեդրոնանալով յատկապէս Արցախի ի նպաստ տարուող աշխատանքին վրայ:
Երկու ներկայկացումներէն ետք տեղի ունեցան հարցում-պատախանի բաժիներ:
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէութենէն Թալին Ճերմակեան փոխանցեց կոմիտէին խօսքը, շեշտելով երիտասադութեան կարեւորութիւնը Հայ Դատի պայքարին մէջ, որուն համար կոմիտէն յատուկ ջանք կը տանի հայ երիտասարդները քաղաքական աշխոյժ գործունէութեան մղելու համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր դասախօսներուն եւ ՀԵԴի «Աշոտ Երկաթ» ուխտին:
Քննարկումը աւարտեցաւ ճաշի մատուցումով:
(Քաղուած Թալին Ճերմակեանի թղթակցութենէն)