ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆԸ 10 ԱՆՁԵՐԷ ԱՒԵԼԻ ՀԱՒԱՔՆԵՐԷ ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՒ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Հետեւելով Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութեան, ինչպէս նաեւ նահանգային եւ գաւառային պետական մարմիններու քայլերուն, Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդը 17 Մարտէն սկսեալ արտակարգ դրութիւն հռչակեց քաղաքի տարածքին, «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպելու նպատակով։
Նշենք, որ քաղաքին մէջ արձանագրուած են վարակման երկու պարագաներ։
Ըստ որոշումին՝ փակ պիտի մնան բոլոր գինետուները, սրահները եւ գիշերային հաւաքավայրերը, որոնք ճաշ չեն մատակարարեր, իսկ անոնք որոնք ճաշ կը մատակարարեն, ճաշերը պէտք է իրենք հասցնեն կամ յաճախորները պէտք է ճաշերը իրենք ստանձնեն։ Տեղւոյն վրայ ճաշելու ընտրանքը արգիլուած է։ Նոյնն է պարագան բոլոր ճաշարաններուն։
Փակ պիտի մնան նաեւ շարժապատկերի սրահները, խաղավայերը, ինչպէս նաեւ ներկայացումներու եւ մարզանքի սրահները։
Բաց կրնան մնալ հիւանդանոցները, տարեցներու խնամքի կեդրոնները եւ այդ վայրերուն մէջ գործող ճաշարանները, ուտեստեղէն ծախող խանութները, դեղարանները, կարիքաւորներուն ուտեստեղէն տրամադրող կեդրոնները։
Պետական շարք մը կեդրոններու նման, գրեթէ բոլոր ոչ-անմիջական սպասարկութեանց համար փակ պիտի մնան նաեւ Կլենտէյլի ոստիկանատան կեդրոնները։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 548-4911, (818) 548-6481 թիւերուն կամ այցելել www.glendaleca.gov կայքը։
Նշենք նաեւ, որ Սպիտակ տունը 10 անձերէ աւելի հաւաքներէ խուսափելու կոչ ըրաւ, դարձեալ «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպելու նպատակով։