ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան որոշումով, յարմար պայմաններով վարկեր սկսած են տրամադրուիլ փոքր ծաւալի գործառնութիւներուն (business-ներուն) որոնք «Քորոնա» ժահրի հարցին պատճառով վնասներ կրած են։
Միացեալ Նահանգներու Փոքր ծաւալի գործարարութեան վարչութեան (SBA) միջոցաւ կատարուող այս վարկերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (800) 659-2955 թիւին, disastercustomerservice@sba.gov հասցէին կամ այցելել disasterloan.sba.gov/ela կայքէջը։
Դիմումները պիտի ընդունուին մնչեւ 16 Դեկտեմբեր 2020։
Փոքր ծաւալի գործարարներուն օժանդակութեան այլ կարելիութիւններու համար այցելել http://bit.ly/stosmallbizlist կայքէջը։
Լոս Անճելըս գաւառը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպելու նպատակով՝ որոշած է կասեցնել բանտային եւ անչափահասներու բանտերը այցելութիւնները, ցնոր տնօրինութիւն։
«Քորոնա» ժահրին մասին Լոս Անճելըս գաւառը հաստատած է նաեւ կայքէջը մը՝ publichealth.lacounty.gov/media/Coronavirus/ հասցէով, ուր կը յայտարարուի, թէ գաւառին տարածքին կան «Քորոնա» ժահրէն 144 վարակուածներ եւ արձանագրուած է մէկ մահ։
Նաեւ, Քալիֆորնիա նահանգը որոշեց ժամանակաւորապէս փակել բոլոր նահանգային բանակավայրերը։