«Քորոնա» ժահրին ստեղծած տագնապի վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ եւ վարակին տարածումը կանխարգիլելու իբրեւ միջոցառում՝ այսու կը տեղեկացնենք, որ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակները, որոնք ճանչցուած են՝ իբրեւ «Հայ Տուն»՝ ժամանակաւորապէս պիտի գործեն միայն հեռաձայնի դրութեամբ:
Մեր հայրենակիցները կրնան դիմել մեր գրասենեակները՝ հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն.
Կլենտէյլ՝ (818) 241-7533
Հոլիվուտ՝ (323) 669-0471
Նորթ Հոլիվուտ՝ (818) 487-3985
Փասատինա՝ (626) 797-6187
Տագնապալի այս օրերուն կոչ կ՛ուղղենք մեր հայրենակիցներուն, որ ուշադրութեամբ հետեւին բժիշկներու եւ մասնագէտներու ցուցմունքներուն: Մնացէք տունը՝ ապահով եւ առողջ:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ