ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 18 Մարտի երեկոյեան ստորագրեց անցեալ շաբաթ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ վաւերացուած, իսկ այս շաբթուան ընթացքին Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած 100 միլիառ տոլարի այն ծրարը, որ օժանդակութիւններ կը տրամադրէ «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով անգործ մնացած ամերիկացիներուն, միաժամանակ ձրի քննութիւններ խոստանալով բոլորին։
Այժմ Քոնկրեսը եւ Սպիտակ տունը իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են տնտեսութեան զարկ տալու մօտաւորապէս 1 եռիլիոն տոլարի ծրարի մը վրայ, որուն թիրախն են ժահրէն տուժած ընկերութիւնները եւ քաղաքացիները։
Քաղաքացիներուն նիւթապէս աջակցելու նպատակով, դաշնակցային եւ նահագնային իշխանութիւնները, ներառեալ Քալիֆորնիան, որոշած են 15 Ապրիլի փոխարէն 15 Յուլիսը դարձնել եկամուտի տուրքերը վճարելու ժամկէտը։
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.irs.gov/pub/irs-drop/n-20-17.pdf կայքէջը կամ www.ftb.ca.gov կայքը։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու տարածքին քննութեանց բազմապատկումին զուգահեռ, զգալիօրէն աճելու սկսան նաեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը։
Արդարեւ, միայն Չորեքշաբթի առաւտեան ժամերէն մինչեւ Հինգշաբթի առաւօտ արձանգրուեցան վարակումներու 3500 նոր դէպքեր, երկրին տարածքին վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասնցելով 10,000ի, մինչ մահացածներուն թիւը առնուազն 152 է։
Մասնագէտներ կը յայտնեն, որ երկրին մէջ համաճարակը տակաւին աճի շրջանին մէջ է եւ քաղաքացիները իրարմէ հեռու պահելու գլխաւոր նպատակը աճին սրութիւնը մեղմացնելն է։
Մեկուսացաման խիստ քայլեր առնուած են յատկապէս Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ, ուր քաղաքացիներէն կը պահանջուի միայն կենսական պատճառներով դուրս գալ իրենց բնակարաններէն. որոշում մը, որ արդէն իսկ ի զօրու է Չինաստանի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Ֆրանսայի եւ կարգ մը այլ երկիրներու մէջ։
Չինաստանի պարագային, Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ ժահրին ծննդավայրը նկատուող Ուոհան քաղաքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով վարակման ոչ մէկ դէպք արձանագրուած է, մինչ ամբողջ երկրին տարածքին 19 Մարտին միայն 34 վարակում արձանագրուած է, բոլորն ալ դուրսէն ժամանողներու մօտ։ Այս պատճառով, չինական իշխանութիւնները սկսած են բոլոր նոր ժամանող ճամբորդները 14 օրեայ մեկուսացման ենթարկել։
Իտալիա կը շարունակէ մնալ ամէնէն մեծ թիւով զոհեր տուող երկիրը եւ կրնայ յառաջ անցիլ Չինաստանէն (3249 զոհ)։ 18 Մարտին արձանագրուեցան մօտաւորապէս 500 մահեր, ընդհանուր թիւը հասցնելով 2978ի, իսկ Սպանիոյ մէջ 19 Մարտին արձանագրուեցաւ զոհերու մեծ ոստում մը (մօտաւորապէս 200), երկրին տարածքին ընդհանուր զոհերուն թիւը հասցնելով 767ի։
Նշենք, որ Իտալիոյ մէջ զոհերուն 87 տոկոսը 70 տարիքը բոլորած քաղաքացիներ եղած են։
Իրանի մէջ զոհերուն թիւը 1284ի բարձրացած է։
Ցարդ աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը 230,000էն աւելի է, իսկ մահացածներուն թիւը՝ 9300էն։ Բուժուածներուն թիւը 84,000ի հասած է։
Մեքսիքայի եւ Ռուսիոյ մէջ եւս Հինգշաբթի օր արձանագրուեցան ժահրէն վարակուածներու մահուան առաջին դէպքերը։