ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- «Քորոնա» ժահրին ստեղծած իրարանցումին մէջ, քաղաքին անտունիներուն եւ կարիքաւորներուն օժանդակութեան ձեռք երկարելու նպատակով, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը դիմած է շարք մը միջոցներու, որոնց շարքին են՝ մաքրութեան կեդրոններու հաստատում եւ ուտեստեղէնի տրամադրում։
Մաքրութեան կեդրոններ հաստատուած են՝ Ascencia, Catholic Charities, ՀՕՄի կեդրոններուն եւ First Baptist Methodist եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Carr, Pacific, Cerritos, Central եւ Palmer զբօսայգիներուն Մէջ։ Նշեալ վայրերուն քարտէսին համար այցելել www.glendaleca.gov/Home/ShowDocument?id=55423 կայքէջը։
Տարեցներուն ուտեստեղէն տրամադրող ծրագիրին (The Elderly Nutrition Program, ENP) մասին տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 548-3775 թիւին, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել glendaleca.gov կայքը։