ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլող աշխատանքները համակարգող յանձնաժողովին նիստը:
Վարչապետը նշեց, որ բոլոր վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, թէ «Քորոնա» ժահրին հետ առնչութիւն ունեցող այս իրավիճակը կրնայ տեւել շատ աւելի երկար, քան նախատեսուած էր: «Այդ առումով, մենք պէտք է որոշակի պատկերացումներ ձեւաւորենք, թէ ինչպէս ենք կազմակերպելու կեանքը մեր հանրապետութիւնում: Ընդհանուր տրամաբանութիւնը եւ ռազմավարութիւնը պէտք է լինի հետեւեալը, որ կորոնավիրուսի սահմանափակման պայմաններում մենք պէտք է գտնենք եւ ձեւաւորենք, այսպես ասած, ազատ եւ անվտանգ տարածքներ, որտեղ կարող ենք համեմատական անվտանգութեան պայմաններում մեր կեանքը կազմակերպել, ի հարկէ, յընթացս նաեւ հետեւելով իրադարձութիւնների», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան:
Այնուհետեւ պատասխանատուները զեկուցեցին այս ժահրի կանխարգիլման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն ընթացքին մասին: Նշուեցաւ, որ ներկայիս քայլերու կը ձեռնարկուին քննութեան յատուկ սարքերու եւ դիմակներու նոր խմբաքանակներու ներածման ուղղութեամբ: