ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու համար, Քալիֆորնիոյ Զբօսավայրերու վարչութիւնը յատուկ ցուցմունքներ հրապարակեց, բոլորին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։
Քալիֆորնոյ զբօսավայրերը այցելողներէն կը պահանջուի իրարմէ 6 ոտք հեռու մնալ եւ ձեռքերը միշտ հականեխել, իսկ հիւանդներէն կը պահանջուի տունը մնալ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.parks.ca.gov/FlattenTheCurve կայքը։