ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան ամբողջական աջակցութիւն կը յայտնէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշին` աշխարհի ամբողջ տարածքին համաշխարհային զինադադարի կոչին: Այս մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան:
«Հայաստանը լիակատար աջակցութիւն է յայտնում ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Անտոնիօ Գուտերեշի կոչին՝ մինչ ողջ մարդկութիւնը պայքարում է ընդդէմ ընդհանուր թշնամու՝ COVID-19-ի, աշխարհի բոլոր անկիւններում հաստատել գլոբալ (համերկրային-Խմբ.) հրադադար», կը յայտնէ Մնացականեան:
Կութիերեշ իր տեսաուղերձին մէջ յատկապէս կը յայտնէ, որ ժամանակն է զինեալ բախումները մէկ կողմ դնելու եւ միասին կեդրոնանալու կեանքի իրական պայքարին վրայ` «Քորոնա» ժահրին դէմ։ Ան նկատել կու տայ, որ ժահրը նկատի չ՛առներ ցեղային, ազգային կամ այլ պատկանելութիւն, այլ անիկա անողոքաբար կը յարձակի բոլորին վրայ: «Մինչ աշխարհի մէջ զինեալ հակամարտութիւններ տեղի կ՛ունենան, աւելի խոցելիները` կիները, երեխաները, հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր ամէնէն սուղ գինը կը վճարեն: Անոնք այս ժահրին մեծագոյն վտանգին ենթակայ են: Չմոռնանք, որ պատերազմէն տուժած երկիրներուն մէջ առողջապահական համակարգերը փուլ կու գան: Գաղթականները, տեղահանուածները կրկնակիօրէն խոցելի են: Վերջ տուէք պատերազմին եւ եկէք պայքարինք այն հիւանդութեան դէմ, որ կը փճացնէ մեր աշխարհը: Այդ իսկ պատճառով ես այսօր կոչ կ՛ուղղեմ՝ անյապաղ համաշխարհային զինադադար հաստատելու աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ», յայտարարեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը։