ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 24 Մարտին, երկար զրոյց մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառին եւ «Քորոնա» ժահրիի պատուաստանիւթի մը գիւտին գծով յարատեւ աշխատանքի լծուած Նուպար Աֆէյեանի միջեւ։
Աֆէյեան լայն բացատրութիւններ տուաւ վեհափառին իր ընկերութեան կատարած մասնագիտական աշխատանքներուն վերաբերեալ։
Կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Նուպար Աֆէյեանին՝ անոր աշխատանքը նկատելով համամարդկային առաքելութիւն, որ պատիւ կը բերէ մեր ազգին ու հայրենիքին։
Յայտնենք, որ Նուպար Աֆէյեան իր պատանեկութեան տարիներուն Պէյրութի Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասին մաս կազմած է, ապա ատենապետը եղած է Պոսթընի Ազգային վարժարանին եւ միաժամանակ բարերարը՝ նոյն վարժարանին մանկապարտէզի բաժինին։ Ան նաեւ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հիմնադիրներէն է։