ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Լոյս տեսաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի երրորդ թիւը: Պաշտօնաթերթին առաջնորդողը՝ Վաչէ Բրուտեանի հեղինակութեամբ, կ՛անդրադառնայ Փետրուարին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին: Լուսարձակի տակ առնելով խորհրդաժողովին քննարկած հարցերը՝ Վաչէ Բրուտեան համառօտ կերպով կը ներկայացնէ այն կարեւոր ազգային առաջնահերթութիւնները, որոնց լուծման ուղղութեամբ ամէնօրեայ ջանքեր կը տանին Հայ Դատի աշխարհասփիւռ կառոյցները:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Արցախի ընտրութիւններուն ՀՅԴի առաջադրած նախագահական թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձ կը կատարուի անցած նախընտրական ժամանակահատուածին, կը ներկայացուին այն կատարուելիք աշխատանքները, որոնք կը հանդիսանան ՀՅԴի նախընտրական ծրագիրներու հիմքը:
«Դրօշակ»ի երրորդ թիւին մէջ կարելի է նաեւ գտնել Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութեան, Հայաստանի մէջ կանանց իրաւունքներու հարցերուն նուիրուած հրապարակումներ եւ գաղափարական ուղղուածութեան նիւթեր:
«Տարածաշրջանային» եւ «Աշխարհաքաղաքական» խորագիրներուն տակ կարելի է գտնել մեկնաբանութիւններ Հայաստանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու որդեգրած քաղաքականութեան, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի քաղաքական ոչ-միանշանակ վարքին, հայութեան հետաքրքրութիւններու տեսանկիւնէն Եգիպտոսի անցեալին ու ներկային մասին:
Անպայման իրենց տեղը ունին նաեւ պատմական անցքերը։ Նորայայտ իրողութիւններու լոյսին տակ, անդրադարձ կը կատարուի 16 Մարտ 1921ին կնքուած Ռուս-թրքական հակահայ պայմանագիրի դրոյթներուն:
«Դրօշակ»ի թիւը կարելի է կարդալ՝ այցելելով droshak.am կամ զայն ներբեռնել հետեւեալ հասցէով. https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2020/03/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-3-2020%D5%A9.pdf