ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութիւնը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա» ժահրին հետեւանքները չէզոքացնելու քայլերը։
Լուսարձակի տակ առնուեցան յատկապէս ընկերային եւ տնտեսական հարցեր ունեցող խումբերուն համար ստեղծուած իրավիճակի մեղմացման վերաբերող հետագայ քայլերը, օժանդակութեան գործիքակազմերը: Ամփոփուեցան նախորդ քննարկման ժամանակ հնչած գաղափարները, ներկայացուեցան կառավարութեան կողմէ վաւերացուած ընկերային աջակցութեան ծրարի շահառուներու շրջանակի ընդլայնման վերաբերող առաջարկները:
Վարչապետը անդրադարձաւ նոյն օրը քաղաքացիներուն հետ իր ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին արծարծուած հարցերուն եւ արձանագրեց, որ հիմա հրատապ աջակցութեան կարիք ունին «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով անգործ դարձած քաղաքացիները, որոնք պէտք է ըլլան առաջնահերթ թիրախ:
Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարեց պատասխանատուներուն`շարունակել միջգերատեսչական աշխատանքը առաջադրուած գաղափարներու լրամշակման ուղղութեամբ եւ անոնց հիման վրայ Կիրակի օրը քննարկման ներկայացնելու ընկերային աջակցութեան միջոցառումներու ծրարի ընդլայնման, հասարակութեան առանձին շերտերուն օժանդակութիւն տրամադրելու նախագիծը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կառավարութեան կողմէ 26 Մարտին հաստատուած տնտեսական եւ գիւղատնտեսական աջակցութեան ծրագիրներու իրականացման կարգին վերաբերող հարցերը: