ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ․Փի․»․- «Քորոնա» ժահրին ստեղծած տնտեսական տագնապին հետեւանքով, յաջորդական երկրորդ շաբաթն ըլլալով, ամերիկացիներու՝ անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու դիմումները մրցանիշային ոստում կատարած են։
Արդարեւ, անցեալ շաբաթ, 6․65 միլիոն ամերիկացիներ դիմում կատարած են, ինչ որ նախորդ շաբթուան մրցանշային դիմումներուն կրկնապատիկն է։
Բաղդատութիւն մը կատարելով՝ նշենք, որ 2008ին սկսած տնտեսական նահանջին յաջորդած երկու տարիներուն անգործ դարձած էին մօտաւորապէս 9 միլիոն ամերիկացիներ։