ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին վրայ «Քորոնա» ժահրի (COVID-19) համաճարակին բացասական հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմած աշխատանքային յանձնախումբը, շնորհիւ համայնքի գործարար եղբայրներ Գեւ եւ Վիգ Գույումճեաններուն եւ անոնց հօր՝ Ժագ Գույումճեանին կատարած նուիրատուութեան՝ հազարաւոր դիմակներ պիտի բաժնէ համայնքին մէջ:
Նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու տարածքին բաւարար դիմակներու չգոյութիւնը եւ անսալով տունէն դուրս դիմակներով դուրս ելլելու տեղական իշխանութիւններուն կոչերուն, աշխատանքային յանձնախումբը դիմակներուն մէկ մասը պիտի նուիրէ անոնց կարիքը ունեցող Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցին, իսկ մնացեալը շրջանի հայ համայնքին պիտի բաժնուի ՀՕՄին միջոցաւ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Համայնքի COVID19ի Աշխատանքային յանձնախումին մաս կը կազմեն տասնամեակներով համայնքին նուիրեալ ծառայութիւններ մատուցած՝ Հայ Մշակութային Հիմնարկութենէն, Հայ Օգնութեան Միութենէն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութենէն, ՀՄԸՄէն, Համազգայինէն, Արեւմտեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարմինէն ներկայացուցիչներ: