ՊԷՅՐՈՒԹ․- Ամերիկացի սպայ մը եւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու երկու անդամներ սպաննուեցան, ինչպէս նաեւ ուրիշներ վիրաւորուեցան Տէր Զօրի հիւսիսային գիւղական շրջանի Ուասհիա գիւղին մէջ:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ ամերիկեան զինուորական ինքնաշարժները Հասաքէի հարաւային գիւղական շրջանի Շատտատէ քաղաքին մէջ ամերիկեան ռազմակայանէն Տէր Զօրի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Օմար քարիւղի հանքային դաշտին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայան կ՛ուղղուէին, երբ անծանօթներու լարած թակարդը ինկան:
Ըստ աղբիւրին՝ սպաննուած ամերիկացի սպան Օմարի քարիւղի դաշտին մէջ ամերիկացի անկարգելաւորներու հրամանատարն է: