ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ»․- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ օժանդակութիւն տրամադրելու: Նախարարները նաեւ քննեցին հաղորդակցութեան եւ տարանցման ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը:
Միւս կողմէ, Թուրք-իրանեան առեւտրական միացեալ գրասենեակը ապրանքներու հոսքին առջեւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանի վերաբացումը յայտարարեց, «Քորոնա» ժահրի ճգնաժամին պատճառով դադրած առեւտուրը վերակենդանացելու համար։