ԼՈՆՏՈՆ, «Պի․Պի․Սի․»․- Աշխարհի տարածքին, «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներուն թիւը 10 Ապրիլին սկսաւ մօտենալ 1․7 միլիոնի, իսկ բուժուածներուն թիւը՝ 400,000ի։
Մինչ ընդհանուր զոհերուն թիւը կը մօտենայ 100,000ի, մօտաւորապէս կէս միլիոն վարակակիր ունեցող Միացեալ Նահանգները 10 Ապրիլին զոհերու թիւիով յառաջ անցաւ մօտաւորապէս 16,000 զոհ ունեցող Սպանիայէն, երբ երկրին տարածքին զոհերուն թիւը սկսաւ մօտենալ 18,000ի։ Այժմ Ամերիկա ետ կը մնայ միայն Իտալիայէն, ուր զոհերուն թիւը կը մօտենայ 19,000ի։
Միացեալ Նահանգներու մէջ, Նիւ Եորքը կը մնայ կիզակէտը։ Հոն կան 161,504 վարակուածներ եւ արձանագրուած են մօտաւորապէս 8000 զոհեր։ Միացեալ Նահանգներէն դուրս, այժմ Նիւ Եորքի մէջ կան աւելի շատ վարակուածներ, քան աշխարհի որեւէ երկրի մէջ։ Քալիֆորնիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը անցաւ 20,000ը եւ ցարդ մահացած են 559 քալիֆորնիացիներ։
Իրանի մէջ վարակակիրներուն թիւը 10 Ապրիլին աւելացաւ 1972ով, հասնելով 68,192ի, իսկ մահացածներուն թիւը՝ 122ով, հասնելով 4232ի։