ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս»․- Սուրիոյ կառավարութիւնը «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը զսպելու նպատակով դիմած է Ռուսիոյ, կը տեղեկացնէ Ռուսիոյ մօտ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ:
Սուրիա Ռուսիայէն խնդրած է պաշտպանութեան եւ ժահրը յայտնաբերելու սարքեր ու բժշկական մեքենաներ:
Նշենք, որ Համաշխարհային Առողջապահութեան կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ հակառակ անոր, որ Միջին Արեւելքի պետութիւններուն մէջ ժահրով վարակուողներուն թիւը մտահոգիչ ձեւով կը բարձրանայ, սակայն շրջանի պետութիւնները տակաւին առիթը ունին սահմանափակելու համաճարակին տարածումը։